ԾՆԿԱՉՈՔ
ՍԱՍՆԱՅ ԾՏԵՐ
Այսօր, 31 յուլիս 2016, ծունկի եկան սասնայ ծտերու մնացած հաւերը:
17 յուլիս 2016, ահաբեկչական ակտի սկիզբէն տեղի ունեցածը որակած էի ըստ արժանւոյն:
Տե՛ս
«ՍԱՍՆՈՅ ԱՊՍՏԱՄԲՈՒԹԻՒՆ» ???
http:
ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ ԽՈՒԼԻԳԱՆՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ
http:
ՍԱՍՆԱՅ ԾՏԵՐ
http:
ՍԱՍՆԱՅ ԾՏԵՐ ԽՈՒՄԲԻ ՀՈԳԵՎԱՐՔԸ
http:
ՍԱՍՆԱՅ ԾՏԵՐ – ՏԱՂԷՇ–
http:
ԼԱԿՈՏԱՆՈՑ – ԲՈԶԱՆՈՑ ՀԱՅՈՑ ՍՈՑՑԱՆՑ
http:
ՍԱՍՆԱՅ ԾՏԵՐ – ԱՀԱԲԵԿԻՉՆԵՐ –
http:
Ի՞նչ ստացուեցաւ այս ահաւոր եւ արիւնարբու ձախաւերութենէն:
Ապահովութեան ուժերը, իրենց զանազան ստորաբաժանումներով կարողացան կացութեան տիրապետել հաւուր պատշաճի:
Ահաբեկիչները օր ըստ օրէ փաստեցին ո՛չ թէ «ժողովրդային ընդվզում», այլ ժողովրդային բարբարոսութիւն գրգռել:
15 օր շարունակ հայհոյանքները, անէծքները, ստութիւններն ու սադրանքները վերջ չունեցան, գլխաւորաբար ոստիկանութիւնը դնելով զոհի սեղանին:
Ասոնց ամենացայտուն արտացոլումը եղաւ սոցցանցերու լակոտներու եւ բոզերու լրբութիւնները, որոնք դուրս թափուելով իրենց որջերէն անիմաստօրէն հրահրուած կրակին վրայ իրենց հոտած իւղը թափեցին:
Ծունկի եկած պահուն, ամենաախմախ սասնայ ծիտը յայտարարեց, մի քանի անգամ շեշտելով՝
« նոր զոհեր չտալու համար, մեր դեմ կանգնած են մարդիկ, որոնք պարտականություն են կատարում, …
չենք ուզում արյուն թափվի, չենք կարող զենք բարձրացնել այն զինվորի վրա, որ հրաման է կատարում, »:
Յետոյ, չհաշուարկուած նախաձեռնութեան պարտութիւնը ընդունելու յաւելեալ փաստ մըն ալ դուրս տուաւ, ըսելով՝
«Ցավոք, այդպես չեղավ. ժողովուրդը դանդաղ շարժվեց»:
Եւ այս «ժողովուրդի» չնչին հատուածն էր, զոր դրդուելով իրենց հաշիւներով մոլորած այծմօրուք «ընդդիմադիրներէն»՝ չգիտէր ինչպէս ամէն օր բզքտել «միլիցեքին»:
Հիմա, ամէն ոք կակազած, կոկորդներն ու գրիչները չորցած, մտած են իրենց որջերը:
Ժողովրդային նուաստութիւնը այն աստիճանի էր, որ նոյնիսկ չխնայեցին վերջին սպաննուող ոստիկանին, որու հասցէին անամօթաբար փսխեցին իրենց փտած ներսիդին:
Ահաւասիկ, Հայաստանի «ժողովրդային ընդվզումը» …:
Ասոր հակառակ, մինչեւ օրս ապահովութեան ուժերու վարած գործողութիւններէն յայտնի էր, որ մտադրութիւն չունէին սպաննելու ո՛չ մէկ շաքալ:
Անձնատուութեան նախորդող ժամերը առաւելաբար փաստեցին սասնայ ծտերու «մարտավարական» տգիտութիւնը՝ երբ պատանդ պահուած բժշկողները փախուստի դիմեցին, որոնց կարգին «խաբուած» անձեր:
15 օրեայ ահաբեկչական թատերախաղը նոր արար մըն էր հայաստանեան խառնակութեան:
ՍԱՍՆԱԼՈՒՐ
Յուլիս 31, 2016